2015-06-25 10:20:00

Աշխարհի կամաւորներու քայլարշաւը` 28 Յունիսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 26 Յունիս 2015ին, Ռատիովատիկանի Մարքոնի կոչուած սրահին մէջ, ժամը 11.30-ին, տեղի կ՛ունենայ  մամլոյ ներկայացում` (Focsiv) աշխարհի կամաւորներու քայլարշաւին, որուն բնաբանն է  ''մէկ Երկիր – մէկ մարդկային ցեղ'' եւ որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմ` 28 Յունիս 2015-ին։

Քայլարշաւը սկիզբ պիտի առնէ ֆարնեզէ կոչուած հրապարակէն ուղղուելով դէպի  ս. Պետրոսի հրապարակ, մասնակցելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին։

Այս նախաձեռնութեամբ անոնք կը մտադրեն ողջունել Հռոմի Պապի “Laudato si’ բնապահպանութեան մասին հրապարակած շրջաբերական թուղթը, որ կը խօսի ''հասարակաց տան հոգածութեան մասին''։ Կազմակերպիչները ապա կը փափաքին հրաւէր ուղղել աշխարհի պետութիւններուն, որոնք տարւոյն վերջը Փարիզ մէջ ժողով պիտի գումարեն բնապահպանութեան հարցին շուրջ բանակցելու համար, ճշմարիտ յանձնառումով գործելու` կլիմայի ու կենսոլորտի հայող յեղաշրջումի հարցերուն լուծումներ որոնելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.